
Լ.
ՍՂԱԳՐԱԿԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ
Թալէաթ փաշան սպաննելուն համար ամբաստանուած ուսանող ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆԻ
ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, որ տեղի ունեցաւ Բերլինի նահանգային Գ. դատարանի առջեւ:
2/3 Յունիս 1921:
Արձանագրութեան նշան` C. J. 22/21:
______________________________
ԱՏԵԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ա. Նախագահ.
Դր. ԼԵՄԲԵՐԳ, վարիչ նահանգային դատարանի:
Դատաւորներ.
ԲԱԹԷ, նահանգային դատական խորհրդական:
Դր. ԼԱՔՍ, օգնական դատաւոր:
Ատենադպիր.
ՎԱՐՄԲՈՒՐԳ., հետամուտ դատաւորութեան:
Բ. Դատախազ.
Գոլնիկ, դատախազ:
Գ. Երդուեալներ.
ՎԻԼՀԵԼՄ ԳՐԱՈՒ, որմնադիր, Նաուեն Բերլինի մօտ:
ՐՈՒԴՈԼՖ ԳՐՈՍԷՐ, վաճառական, Բերնաու (Մարկ):
ԿՈՒՐՏ ԲԱՐԹԷԼ, ակնավաճառ, Բերլին:
ԱԴՈԼՖ ԿՒՒՀՆԷ, ռանտիէ, Բերլին-Պանկով:
ՕՏՏՕ ԷՎԱԼԴ, տանտէր, Շարլոտտենբուրգ:
ՕՏՏՕ ՎԱԳՆԷՐ, յարկածածկ, Շարլոտտենբուրգ:
ՕՏՏՕ ԲԻՆՏԷ, երկաթագործ, Շէօներլինդէ:
ՕՏՏՕ ՐԱՅՆԵԿԷ, վերին գործավար, ՏեգԷլ:
ԷՕԺԷՆ ԴԸ ՊՐԻՍ, ներկարար, Բերլին-Վիլմերսդորֆ:
ԱԼԲԵՐՏ ԲԷԼԼԻՆԳ, դեղարանատէր, Շարլոտտենբուրգ:
ՀԵՐՄԱՆ ԳՈԼԴԷ, երկաթագործ, Շարլոտտենբուրգ:
ՐՈԲԵՐՏ ՀԱՅԶԷ, աղիւսի գործարանի տէր, Շարլոտտենբուրգ:
-5-
Փոխանորդներ.
ՅՈՒԼԻՈՍ ՖՈՒՐՀ, տանտէր, Շարլոտտենբուրգ:
ԱՈՒԳՈՒՍՏ ԲԼԻԶԵՆԷՐ, մսագործ, Տեգէլ:
Դ. Պաշտպաններ
Դր. ԱԴՈԼՖ ՖՈՆ ԳՈՐԴՈՆ, իրաւական գաղտնի խորհրդական, Բերլին:
Դր. ԻՕՀԱՆՆԷՍ ՎԵՐԹԱՈՒԷՐ, իրաւական խորհրդական, Բերլին:
Դր. ՆԻՄԱՅԷՐ, գաղտնի խորհրդական ևւ պրոֆէսոր Կիլի համալսարանի իրաւագիտանան
բաժնին:
-6-
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
Նախագահը` նահանգային դատարանի վարիչ Դր. Լեմբերգ առաւօտեան ժամը 91/4
ին բացաւ ատեանը:
Ամբաստենեալի ևւ անոր երեք պաշտպաններուն ներկայութիւնը ստուգուեցաւ,
ևւ թարգմանները` Վահան Զաքարեան ևւ Գէորգ Գալուստեան երդումն ըրին:
Այնուհետեւ վիճակարկութեամբ երդուեալներու դասը կազմուեցաւ. անոնք մի
առ մի երդուընցան, որ իրենց ձայնը պիտի տան խղճի մտօք:
Ապա ստուգուեցաւ վկաներու ևւ իրազեկ մասնագէտներու ներկայութիւնը:
Նախագահը (վկաներու ևւ իրազեկներու դառնալով).
Ներկայ գործիս մէջ դուք իբրևւ վկայ կամ մասնագէտներ պիտի լսուիք. խնդրոյ
նիւթը ձեզի արդէն ծանօթ է, միայն ուշադիր կ’ուզեմ ընել ձեզ երդման կարևւորութեան
ևւ սրբութեան. նկատի առէք թէ օրէնքը ծանր պատիժներ կը նախատեսէ այն
անձինքներու համար, որոնք երդուելով հանդերձ դիտմամբ կամ անուշադրութեամբ
սխալ վկայութիւններ կու տան: Դարձեալ ամբաստանեալի անձին ևւ ձեր անոր
հետ ունեցած յարաբերութեանց մասին տրուած տեղեկութիւնները ճշմարտութեան
համապատասխանելու են:
Կը խնդրեմ ուրեմն որ դուրս ելլէք ևւ ձեր ներս կոչուելուն սպասէք. հաւանականաբար
այն որոշման պիտի գանք թէ վկանե-
-7-
րէն մաս մը այսօր կրնայ դատարանէն հեռանալ, ուստի կը խնդրեմ որ դռան
մօտ կենաք:
Ասոր վրայ վկաները դուրս կ’ելլեն:
Իրազեկ մասնագէտներու աթոռներուն վրայ անցան`
Դր. Թիլէ, շրջանային օգնական-բժիշկ, Բերլին-Ֆրիդենաու.
Դր. Շմուլինսկի, առողջապահական գաղտնի խորհրդական, Շարլոտտենբուրգ.
Դր. Շլուս, բժիշկ, առողջապահական պահակ 7.
Դր. Շտէօրմէն, դատական բժիշկ, բժշկական գաղտնի խորհրդական, Բերլին.
Դր. Հուգօ Լիպման, պատուոյ պրոֆէսոր Բերլինի համալսարանի եւ բժշկական
գաղտնի խորհոդական, Բերլին, իբրեւ հոգեբան.
Դր. Հիխարդ Կասիրէր, ջղային բժիշկ եւ պրոֆէսոր Բերլինի համալսարանի.
Պրոֆ. Դր. Էդմունդ Ֆօրստէր, գլխաւոր բժիշկ գթութեան հիւանդանոցի համալսարանական
ջղային կլինիկի, Բերլին, իբրեւ հոգեբան.
Դր. Բրունօ Հակէ, ջղային բժիշկ, Բերլին.
Բարելլա, արքունի հրազինաշէն, Բերլին, իբրեւ մասնագէտ հրազէնի հարուածներու.
Դր. Փիլ. Պ. Պֆեֆէր, Բերլին- ֆրիտենաու, իբրեւ թարգման գաղղիերէնի:
Նախագահը ատեանի անդամներուն եւ պաշտպաններուն.
Բացման որոշումը կարդալէն ետքը միտք ունեմ ամբաստանեալի հարցաքննութիւնը
հնարաւոր մանրամասնութեամբ կատարել, լսել Տիկին Թալէաթը, վաճառական
Եսսենը, ծառայ Դիմբիկին, ոստիկան Գնասը, ոստիկանապետ Շօլցը, դատական
խորհրդական Շուլցէն, բժիշկ Դր. Շլոսը, Բարելլան եւ դարձեալ այն վկաները
որոնց վկայութիւնները դէպքին կը հային, եւ երկրորդաբար միայն հարցաքննել
այն անձինքը, որոնք ամբաստանեալին հետ, անոր Բերլին կամ Պարիս գտնուած
ժամանակ ծանօթացած եւ անոր հետ յարաբերութիւն ունեցած են, ըստ այսմ`
տիկին Շտելլբաումը, տիկին Դիտմանը.
Օր. Լոլա Բայլընզոն վարժուհին, Աբելեանը, Էֆ-
-8-
թէանը, Թէրզիպաշեանը, տիկին Թէրզիպաշեանը եւ վերջերս ատենակոչ եղած
վկան Սամուէլ Ոսկանեանը:
Պաշտպան գաղտնի խորհրդական Դր. Ֆոն Գորդոն.
- Համաձայն ենք:
Նախագահ.- Այնուհետեւ մտադիր եմ հարց դնել թէ արդեօք պածտպանները ըստ
պարագային կրնան հրաժարիլ անդրագոյն փաստերու յառաջբերումէ:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Բացայայտ է թէ այդ մասին մենք աւելի ուշ որոշում
պիտի կարենանք տալ. խնդիրը ընդհանրապէս դժուարին հարցի մը շուրջ է,
վասն զի թէեւ մենք մէկ կողմանէ պարտաւոր ենք ամբաստանեալի շահերը պաշտպանել,
բայց նաեւ գերմանական պետութեան շահերը:
Նախագահ.- Առաջին եւ երկրորդ խումբի վկաներով այսօր կը գոհանամ եւ մայիս
30ի ու անկէ նախընթաց գրութեամբ ատենակոչ եղած վկաները վաղուան կը թողում,
այդպիսով այսօրուան կը մնան 19 վկայ. գուցէ պատշաձ է որ ձաշի կարձ դադար
մը նշանակենք: Ինչ է Հաւանութեան նշաններ երդուեալնրուարդեօք այսմասին
պ.պ. երդուեալներու կարծիքը: :դասէն
Ժամը 1 1/2ի մօտերը շատ կարձ դադարով մը կը գոհանանք, եւ վաղը առաւօտեան
կը հարցաքննենք միւս վկաները. միաժամանակ կը տեսնենք թէ փաստերու յառաջբերումը
որ աստիձան շարունակելու է եւ յաջորդաբար կը լսենք իրազեկ մասնագէտներէն
Պրոֆ. Դր. Կասիրէրը, Դր. Շտէօրմէրը, գաղտնի խորհրդական Լիպմանը եւ Պրոֆ.
Ֆորստէրը:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Կը խնդրենք որ իրազեկներու խմբին մէջ լսուին
նաեւ Դր. Լեպսիուսը եւ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրսը. եւ կը խնդրենք
որ այս երկուքը լսուին իբրեւ իրազեկներ ամբողջ հայ իրականութեան: Խօսակցութեան
նիւթ պիտի ըլլան այնպիսի բաներ, պ.պ. Երդուեալներ, որոնք թէ’ մեզի եւ
թէ’ ձեզի տարօրինակ պիտի գան, այնպէս որ պէտք ունինք բանալիի մը, մանաւանդ
այս ժողովրդեան նկարագրին համար: Առ այս ամէնէն յարմարագոյնն է Պրոֆ.
Դր. Լեպսիուս, որ երկայն ատեն հոն` արեւելք ապրած է եւ պարագաներն անձնական
փորձառութեանբ կը ձանչնայ. եւ դարձեալ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս,
որ ինչպէս գիտենք, ոչ միայն պատերազմի միջոցին, այլ եւ անկէ առաջ արդէն
երկար
-9-
տարիներ Թուրքիա ապրած է: Իբրե իրազեկ աչքի առաջ ունէի նաեւ Հալէպի
գերմանական նախկին հիւպատոս Պր. Ռէօսլէրը, որ ներկայիս Էգէր կը գտնուի,
ուսկից ինձի կը հեռագրերէր թէ կրնար գալ, եթե Արտաքին գործոց նախարարութիւնը
թոյլ տար: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ իսկզբան հեռագրով թոյլ
տուաւ իրեն հոս գալ, երեկ երեկոյան գրած էր թէ չի կրնար հրաման տալ,
որ Պր. Ռէօսլէր, հիւպատոսը, իբրեւ իրազեկ հոս լսուի: Գալով այն մասնական
հարցերուն, որոնք իրեն պիտի առաջարկուէին հոս, անոնց մասին դեռ գրաւոր
բանակցութեան մէջ ենք եւ կը յուսանք որ այսօր կը կարգադրուին: Ահա թէ
ինչո'ւ կը խնդրէի ձեզմէ որ իրեն տեղ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս եւ
Դր. Լեպսիուս լսուին իբրեւ իրազեկ հայ յարաբերութիւններու եւ հայ իրականութեան:
Դատախազ Գոլնիկ.- Ես հոս կ’ուզէի մտադիր ընել թէ դէպքը Հայաստանի մեջ
տեղի չէ ունեցած, այլ Բերլին. ես այնպէս կը կարծեմ թէ այդպիսի իրազեկ
մասնագէտներու ցուցում մը հարկաւոր չէ. բայց քանի որ պաշտպանները իրազեկներ
հրաւիրած են, պատժական դատաստանի կանոնաց համաջայն պէտք են լսուիլ.
ասոր դէմ ոչինչ կարելի է առարկել. միայն կը խնդրեմ որ փաստերն աւելի
չընդլայնին, վասն զի իմ կարծիքովս այս խնդրին հետ առընչութիւն չունին:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Կարելի եղածին չափ փաստերը պիտի սահմանափակենք.
բայց կը խնդրեմ, որ բան մը դուրս չձգուի, հաւատացէք ինձի, Տեա’րք, որ
գերման պետական շահն ալ այդ կը պահանջէ:
Նախագահ.- Ատեանը վձռեց որ Պրոֆ. Դր. Լեպսիուս եւ վսեմաշուք` զօրավար
Լիման Ֆոն Զանդէրս իբրեւ իրազեկներ լսուին. երկուքն ալ իրաւունք ունին
դատավարութեան ներկայ գտնուելու:
(Երկու իրազեկները սրահ կը մտնեն:)
Երկու պարոններուն ուշադրութեան կը յանձնեմ եթէ պաշտպաններու խնդրանօք
իբրեւ իրազեկներ պիտի լսուին:
Կը խնդրեմ դարձեալ յայտնել թե վկաներէն` Քոյր Թորա Ֆոն Վեդէլ, քոյր
Եւա Էլվերս, քոյր Դիդցում`, տիկին Շպիկէր, գրագէտ Արամ Անտոնեան, տեղակալ
Էրնստ Պառաքին, հարիւրապետ Ֆրանց Կարլ Էնդրէս, առաջ-
-10-
նորդական փոխանորդ Պալագեան, վաղը պիտի լսուին, ուստի այօր կրնան հեռանալ,
բայց վաղը առաւօտ ժամը 9ին հոս ըլլալու են: Մնացեալ վկաները պէտք են
հոս մնալ:
Այժմ կը սկսինք խնդրին քննութիւնը, ամբաստանեալի հարցաքննութեամբ եւ
անոր անձնական հանգամանքները ճշդելով:
Նախագահ.- Ստո՞յգ է արդեօք թէ դուք 1897ին Ապրիլ 2ին, Բագառիճ ծնած
եք:
Ամբաստանեալ.- Այո:
Ն.- Ի՞նչ կոչում ունէիք Ձեր ծնողքը:
Ա.- Վաձառական էին:
Ն.- Ու՞ր կը բնակէին:
Ա.- Բագառիճ:
Ն.- Մի՞շտ:
Ա.- Ես դեռ երկու կամ երեք տարեկան էի, երբ Երզնկայ փոխադրուեցան:
Ն.- Քանի՞ եղբայրուքոյր էիք:
Ա.- Երկու եղբայր եւ երեք քոյր:
Ն.- Անոնք ամէնքն ալ մինչեւ 1915 թուականը ծնողա՞ց հետ կը բնակէին:
Ա.- Ամէնքն ալ, բացի քոյրերէս մէկէն, որ ամուսնացած էր:
Ն.- Ո՞ւր դպրոց յաճախած էք:
Ա.- Երզնկայ:
Ն.- Քանի՞ տարի:
Ա.- Ութը կամ ինը տարի:
Ն.- Դպրոցը յաջողութեա՞մբ աւարտած էք:
Ա.- Այո’, յաջողութեամբ:
Ն.- Ձեր ծնողքը նիւթական լա՞ւ դրութեան մէջ էին:
Ա.- Այո’, շատ լաւ:
Ն.- Համաշխարհային պատերազմի հետեւութեամբ արդեօք վնասուեցա՞ն:
Ա.- Մինչեւ ջարդերը մեր ընտանիքը ամենեւին չվնասուեցավ, միայն թէ գործերն
դադար առած էին:
Ն.- Ձեր եղբայրներէն մէկն ալ զինուոր չէ՞ր:
Ա.- Այո’, միջին եղբայրս զինուոր էր:
Ն.- Ո՞ւր կռուած է, ո՞ր ճակատին վրայ:
-11-
Ա.- Ճակատը չէր, այլ Խարբերդ, Երզնկայէն հարաւ:
Ն.- Խարբերդ Հյաստանի՞ մէջ է:
Ա.- Այո’, ասիական Թուրքիոյ մէջ:
Ն.- 1915 թուին տո՞ւնը կըգտնուէր:
Ա.- Այո’, 1915ին արձակուրդով տունն էր, երբ ջարդերն սկսան:
Ն.- Արդեօք Երզնկայի այս ջարդերէն բոլորովին յանկարծակի՞ եկաք թէ արդէն
նշաններ կային:
Ա.- Կը վախնայինք որ ջարդեր տեղի պիտի ունենային, վասն զի արդէն լուր
կը շրջեր թէ մարդիկ սպանուած են:
Ն.- Ի՞նչ կը մտածուէր այս ջարդերու մասին, ի՞նչ կը խօսուէր, ի՞նչ էր
անոնց պատճառը:
Ա.- Ջարդեր իսկզբանէ արդէն միշտ տեղի ունեցած են. թէ’ իմ ծնած ժամանակներս
եւ թէ’ երբ ծնողքս Երզնկայ հաստատուեցան եւ ծնողքս միշտ կը պատմէին
թէ ջարդեր տեղի ունեցած են:
Ն.- Յառաջագո՞յն ալ. ե՞րբ եղած են այս ջարդերը:
Ա.- 1894ին այս տեղ ջարդեր եղած են:
Ն.- 1915ի ջարդերուն կանխանշաններ կայի՞ն. ծանօ՞թ էր արդեօք թէ տեղի
ունենալիք ջարդերուն պատճառն ի’նչ էր:
Ա.- Այն ատեն ես դեռ ծնած չէի:
Ն.- 1915ի՞ն:
Ա.- Միշտ ահու դողի մէջ էինք թէ ջարդեր տեղի պիտի ունենային, բայց պատճառներ
յայտնի չէին:
Ն.- Այսպիսի ջարդերէն կը վախնայի՞ն:
Ա.- Տարիներ ծարունակ ահուդողի մէջ էին եւ այս վերջին ջարդերէն ալ յառաջ
երկար ատեն կը վախնային, որ տեղի պի ունենան:
Ն.- Տան մէջ եղած խօսակցութիւններու մէջ կամ առանձնապէս բան մը լսա՞ծ
էք պատճառներու մասին:
Ա.- Հարցումը չհասկցայ:
Ն.- Ջարդի պատճառներուն վրայ բան մը լսա՞ծ էք ընտանեկան խօսակցութիւններու
մեջ:
Ա.- Կը խօսուէր թէ թրքական նոր կառավարութիւնը մեր դէմ միջոցներ ձեռք
պիտի առնէր:
-12-
Ն.- Գուցէ թրքական կառավարութիւնը կը պատճառաբանէր թէ զինուորական հարկը
կը պահանջէր. ընդհանրապէս ի՞նչ կը խօսուէր այդ մասին:
Ա.- Այդ ժամանակները ես դեռ շատ երիտասարդ էի:
Ն.- Բայց այն ժամանակ Դուք արդէն 18 տարեկան էիք:
Ա.- Այն ժամանակ ինձի կ’ըսէին թէ կրօնական եւ քաղաքական պատճառներ կային:
Ն.- Լաւ կ’ըլլար դէպքին այս նախապատմութիւնը ամբաստանեալին անձնական
հանգամանքներուն հետ քննութեան նիւթ ընել:
Դատախազ.- Ես կը կարծեմ թէ լաւագոյն է այս մէկդի թողուլ եւ նախ բացման
վճիռը կարդալ տալ:
Նախագահ.- (ատեանին խորհրդակցութենէն ետքը.) Կը բաղձանք ամբաստանեալէն
մանրամասն լսել թէ ի՞նչպէս տեղի ունեցան ջարդերը եւ թէ իր ընտանիքին
գլխէն ինչե՞ր անցած են: Ամբաստանեալը թող մաս առ մաս պատմէ. եւ յետոյ
իր պատմածը թարգմանուի:
Ա.- 1914ին պատերազմը սկսաւ եւ հայ զինուորները զինակոչ եղան. իսկ 1915
Մայիս ամսին լուր տարածուեցավ թէ դպրոցները պէտք են գոցուիլ եւ թէ քաղաքին
մածամեծները եւ ուսուցիչները խմբովին ուրիշ տեղ պիտի առաքուին:
Ն.- Որոշ տեզե՞ր կը համախմբուէին, արդեօք հաւաքատեղինե՞ր:
Ա.- Չեմ գիտեր, կը համախմբուէին եւ ճամբայ կը հանուէին:
Ես երկիւղի մէջ էի, տնէն դուրս չէի ուզեր ելլել: Այս խումբերն արդէն
տարուած էին, երբ լուր տարածուեցաւ թէ նախորդ տեղահանեալները արդէն
սպանուած էին. յետոյ հեռագրով մը իմացանք թէ այս տեղահանեալներէն միայն
մէկ հոգի` Մարտիրոսեանը, կենդանի մնացած էր:
Յունիսի սկիզբը հրաման ելաւ որ ժողովուրդը պատրաստուի քաղաքէն դուրս
գալու. այն ալ ըսուեցավ թէ դրամը եւ թանկարժէք առարկաները կարելի էր
իշխանութիւններու քով պահեստի դնել: Երեք օր ետքը ժողովուրդն առաւօտը
շատ կանուխ քաղաքէն դուրս հանուեցաւ:
Ն.- Մե՞ծ խմբերով:
-13-
Ա.- Երբ հրաման ելաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս ելլէ, այն վայրկեանէն
իսկ քաղաքէն դուրս ժողովուրդը որոշ խումբերու բաժնեցին եւ համախռնեցին.
յետոյ կարաւանի ձեւով եւ խումբերով յառաջ շարժեցին:
Ն.- Հրաման կա՞ր ունեցածը հետն առնելու:
Ա.- Անկարելի էր ամենայն ինչ հետն առնել. ձի, եւն. թըլլալուն պատճառով,
այնչափ բան միայն կրնային առնել, որչափ որ իրենք կրնային տանիլ:
Ն.- Դուք կառք ունէի՞ք ձեր իրերն առնելու համար.
Ա.- Առաջ ձի մ’ունէինք, որ պատերազմին սկիզբն արդէն ձեռքերինէս առին.
յետոյ էշ մը գնեցինք:
Ն.- Եւ այդ է՞շը պիտի տանէր ձեր ամբողջ ունեցածը. հետերնիդ կառք չունէի՞ք:
Ա.- Եզան կառք մ’ալ ունէինք:
Ն.- Քանի՞ օր քալեցիք:
Ա.- Չեմ գիտեր. քաղաքէն ելած օրերնիս իսկ ծնողքս սպանուեցան:
Ն.- Ո՞ւր կը տարուէիք:
Ա.- Դեպի հարաւ..
Ն.- Ո՞վ կ’ընկերանար կարաւանին:
Ա.- Ժանդարմներ, ձիաւոր եւ ուրիշ զինուորներ:
Ն.- Մե՞ծ թուով:
Ա.- Ճամբուն երկայնութեան` երկու կողմէն:
Ն.- Իսկ առջեւէն ու ետեւէ՞ն:
Ա.- Երկու կողմէն:
Ն.- Հսկելո՞ւ համար որ մարդ չհեռանայ:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ի՞նչպէս պատահեցաւ Ձեր ծնողաց, եղբայրուքոյրերու մահը:
Ա.- Երբ խումբը քաղաքէն քիչ մը հեռացաւ, կեցուցին. ժանդարմները սկսան
կողոպտել եւ կ’ուզէին խումբին դրամը եւ մեծագին իրերը ձեռք բերել:
Ն.- Ուրեմն պահապան զինուորնե՞րն իսկ տեղահանեալները կը թալանէին:
Ա.- Այո’:
Ն.- Եւ ինչ պատճառ կը տրուէր ադոր:
-14-
Ա.- (նշանակելից ձեւով մը) Այդ մասին բան չըսուեցավ ամբողջ աշխարհին
այդ անբացատրելի է, սակայն Ասիայի խորերը հնարաւոր է:
Ն.- Ուրեմն այսպիսի բաներ տեղի կ’ունենան առանց պատճառները հասկանալի՞
ըլլալու:
Ա.- (ժպտալով) Այո’, ըրին:
Ն.- Ուրիշ ազգերո՞ւ ալ:
Ա.- Թուրքերը միայն Հայոց հետ այս կերպ վարուեցան:
Ն.- Ի՞նչպէս սպանուեցան Ձեր ծնողքը:
Ա.- Կողոպուտի ժամանակ կարաւանին առջեւէն մեր վրայ կրակեցին. այդ միջոցին
ժանդարմներէն մին քոյրս քաշեց տարաւ, ասոր վրայ մայրս սկսաւ պառալ.
“Աչքերս կուրնան”: Այդ օրը այլ եւս չեմ կրնար յիշել, չեմ ուզեր որ այդ
օրը յիշեցնեն ինձի. աւելի լաւ է որ մեռնիմ, քան թէ այդ օրը նկարագրեմ:
Ն.- Բայց ես Ձեզ ուշադիր կ’ընեմ թէ ատեանին համար շատ կարեւոր է, որ
այս դէպքերը Ձեր բերնէն լսէ, վասն զի Դուք միակն էք որ այս դէպքիս վրայ
կրնաք տեղեկութիւն տալ: Փորձեցէք ինքզինքնիդ ժողվել եւ անձին տէր ըլլալ:
Ա.- Ես չեմ կրնար այս ամէնն ըսել. ծասն զի ամէն անգամ կը վերապրիմ այդ
ամէնը: Ամէնքը քաշեցին տարին եւ զիս ալ հարուածեցին. յետոյ տեսայ թէ
ինչպէս եղբօրս գլուխը կացինով մը ճեղքեցին:
Ն.- Ձեր քոյրը, զոր քաշեցին տարին, ետ դարձա՞ւ:
Ա.- Այո’, քոյրս քաշեցին տարին եւ բռնաբարեցին:
Ն.- Ետ եկա՞ւ:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Ո՞վ ճեղքեց Ձեր եղբօր գլուխը կացինով:
Ա.- Հազիւ զինուորները եւ Ժանդարմները ջարդն սկսած էին, երբ վրայ հասաւ
նաեւ խուժանը եւ այդ միջոցին կրտսեր եղբօրս գլուխը ճեղքեցին. իսկ մայրս
ինկաւ:
Ն.- Ի՞նչ բանէ:
Ա.- Չեմ գիտեր, գնդակէ մը թէ ուրիշ բանէ:
Ն.- Հայրերնիդ ո՞ւր էր:
Ա.- Հայրս չտեսայ, նա աւելի յառաջ էր, բայց հոն ալ կռիւ կար:
Ն.- Դուք ի՞նչ ըրիք:
-15-
Ա.- Գլխիս հարուած մը ստացայ եւ գետին ինկայ. անկէ ետքը բանէ տեղեկութիւն
չունիմ:
Ն.- Ջարդին տեղն ինկած մնացի՞ք:
Ա.- Թէ հոն որչափ մնացի չեմ գիտեր. գուցէ երկու օր. երբ աչքերս բացի,
շուրջս դիակներով լի տեսայ, վասն զի ամբողջ կարաւանը սպանուած էր, մթութեան
պատճառով ամէն բան չէի կրնար զանազանել: Իսկզբան չէի գիտեր թէ ո’ւր
եմ. յետոյ սակայն իրականութիւնը հասկացայ թէ ամէն կողմս դիակ էր:
Ն.- Արդեօք մեռեալներու մէջ Ձեր ծնողաց եւ եղբայրուքոյրերու դիակներն
ալ գտա՞ք:
Ա.- Մօրս դիակը տեսայ երեսին վրայ ինկած, իսկ եղբօրս դիակը իմ վրաս
ինկած էր. աւելին չկրցայ ստուգել:
Ն.- Ի՞նչ ըրիք երբ աչքերնիդ բացիք եւ ոտքի ելաք:
Ա.- Երբ ոտքի ելայ, տեսայ թէ սրունքս վիրաւոր էր եւ թեւէս արիւն կը
հոսէր:
Ն.- Գլխու վրայ վէրք ունէի՞ք:
Ա.- Ամէնէն առաջ գլխուս հարուած մը ստացայ:
Ն.- Գիտէ՞ք արդյօք թէ ի’նչ բանով վիրաւորեցին Ձեզ:
Ա.- Երբ ջարդերն սկսան, գլուխս ձեռքերուս մէջ առի, այնպէս որ չէի կրնար
գիտնալ, միայն գոչումը կը լսէի:
Ն.- Ըսիք նախ թէ պահապաններ, ժանդարմներ եւ ձիաւոր զինուորներ էին.
բայց յետոյ ըսիք թէ խուժանն ալ վրայ հասաւ. ի՞նչ կ’ուզէք ըսել ասով:
Ա.- Երզնկայի թուրք բնակչութիւնը:
Ն.- Ուրեմն այդ թուրք բնակչութիւնը հոն հասած էր եւ կողոպուտին մասնակի՞ց
եղաւ:
Ա.- Այսչափս միայն գիտեմ թէ երբ ժանդարմները ջարդը սկսան, ժողովուրդը
վրայ հասաւ:
Ն.- Ուրեմն մէկ կամ երկու օր ետքը ուշքի եկաք եւ տեսաք թէ Ձեր եղբօր
դիակին տակը մնացած էիք, չկրցաք արդեօք ստուգել թէ Ձեր ծնողաց դիակներն
ալ հո՞ն էին:
Ա.- Երեց եղբօրս դիակը վրաս ինկած տեսայ:
Դատախազ - Կարծեմ կրտսերագոյն եղբայրնիդ էր, որուն գլուխը կացնով ճեղքած
էին:
Ն.- Ձեր կրտսեր եղբօր դիա՞կն էր:
Ա.- Ո’չ. երեցինը:
-16-
Ն.- Բայց Դուք տեսա՞ծ էք Ձեր առջեւը Ձեր կրտսեր եղբօր կացնի հարուած
մ’ընդունիլը:
Ա.- Այո’:
Ն.- Այն օրէն ի վեր Ձեր ծնողքն այլ եւս չէ՞ք տեսած:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Իսկ եղբայրուքոյրե՞րը:
Ա.- Ո’չ, անոնք ալ չէ:
Ն.- Ուրեմն կորսուած, աներեւո՞յթ եղած են:
Ա.- Մինչեւ այսօր հետք մը չգտայ:
Ն.- Բայց Դուք այնպէս անօգնական եւ առանց միջոցի ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Լեռներուն մէջ գիւղ մը գացի. հոն պառաւ մը զիս իր տունն առաւ, բայց
երբ վէրքերս բուժուեցան, ինձի ըսին թէ աւելի չէին կրնար պահել զիս,
վասն զի կառավարութիւնն արգիլած էր, եւ անոնք որ իրենց քովը հայեր կը
պահէին` մահուամբ կը պատժուէին:
Ն.- Ձեզ իրենց տունն ընդունողները հա՞յ էին:
Ա.- Ո’չ, քուրդ:
Ն.- Իսկ անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Շատ բարի մարդիկ էին այդ քուրդերը եւ ինձի խորհուրդ տուին որ Պարսկաստան
անցնիմ. քրդական հինցած հագուստներ տուին ինձի, վասն զի իմ զգեստներս
արիւնով լի էին, զանոնք այրեցի:
Ն.- Դուք ամէն միջոցէ զուրկ էիք, ուրեմն ինչո՞վ կ’ապրէիք:
Ա.- Գարեհացով:
Ն.- Վէրքերու բուժումը ո՞րչափ տեւաց:
Ա.- Քսան օր կան մէկ ամիս:
Ն.- Անկէ ետքն ո՞ւր երկար ատեն ապաստանարան գտաք:
Ա.- Նախ քուրդերուն քով:
Ն.- Ո՞րչափ ատեն ջարդը 1915ի յունիսին եղաւ:
Ա.- Գրեթէ երկու ամիս Տէրսիմի քուրդերուն մէջ մնացի. այդ միջոցին երկու
ուրիշ փախստականներ ինձի միացան, որոնցմէ իմացայ թէ Խարբերդ ալ ջարդ
եղած էր: Երեքս միասին լեռներու եւ գիւղերու մէջէն փախանք. օրեր եղան
որ միայն խոտով ապրեցանք: Ընկերներէս մին` կ’երեւայ թէ թունաւոր խոտ
-17-
մը կերած էր, ճամբան մեռաւ: Ընկերներէս երկրորդը բաւական կրթեալ մարդ
էր եւ կ’ըսէր. “Եթէ այսպէս միշտ յառաջ քալենք, անշուշտ Պարսկաստան կը
հասնինք եւ անկէ Կովկաս”: Ուստի մտքերնիս դրինք լեռներէ ու ձորերէ քալելով
Պարսկաստան անցնիլ: Ցերեկը կը քնանայինք, իսկ գիշերը յառաջ կը քալէինք,
այսպէս գրեթէ երկու ամիս քալած էինք, երբ տեղ մը հասանք, ուր ռուս զինուորներ
կային: Մենք քուրդի զգեստով էինք, բայց ոչ կօշիկ ունէինք եւ ոչ ալ գլխարկ:
Մեզ բռնեցին եւ հարցաքննեցին. ընկերս ֆրանսերէն եւ անգղիերէն գիտէր
եւ ջարդերու պատմութիւնը պատմեց եւ ըսաւ թէ ես ջարդերէն ազատած էի,
ասոր վրայ մեզ ազատ թողուցին: Ես կ’ուզէի Կովկաս անցնիլ, բայց թոյլ
չտուին. այն ատեն Պարսկաստան անցայ, ուր պատերազմ չկար: Պարսկաստան
հիւանդացայ եւ Սալմաստ մնացի. իսկ ընկերս Թիֆլիս գնաց. վերջէն ես ալ
հոն անցայ եւ գրեթէ մէկ տարի մնացի:
Ն.- Հոն ի՞նչ կ’ընէիք:
Ա.- Հասնելուն պէս հայկական եկեղեցին գացի, հոն ինձի զգեստ, ուտելիք
եւ դրամ տուին: Հոս ընկերս ինձմէ բաժանուեցաւ զիս վաճառականի մը յանձնելէն
ետքը, իսկ վերջինս զիս իր խանութն առաւ:
Ն.- Հոն ո՞րչափ մնացիք:
Ա.- Մէկ տարի կամ քիչ մ’աւելի:
Ն.- Յետոյ ո՞ւր գացիք:
Ա.- Այն միջոցին լուր ելաւ թէ ռուսները Երզնկայ առած են, կ’ուզէի հոն
երթալ ծնողքս եւ ազգականներս փնտռելու համար: Բաց աստի շատ լաւ գիտէի
թէ մեր տունը դեռ դրամ կարզայն կ’ուզէի առնել: Իսկ տէրս կը ջանար զիս
ետ կեցնել:
Ն.- Երզնկայ ե՞րբ հասաք:
Ա.- 1916ի վերջերը:
Ն.- Հոն ի՞նչ գտաք:
Ա.- Երբ հոն հասայ, բոլոր դռները խորտակուած գտայ, տան մէկ մասը կործանուած
էր, իսկ երբ տունը մտայ` գետին ինկայ:
Ն.- Ուշաթա՞փ եղաք:
Ա.- Այո’, ուշաթափուեցայ:
Ն.- Այս անզգայ վիճակը երկայ տեւե՞ց:
Ա.- Չեմ կրնար ըսել թէ որչափ երկար:
-18-
Ն.- Երբ ուշքի եկաք` ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Երբ ուշքի եկայ, երկու իսլամացած ընտանիքներու գացի, ասոնք ամբողջ
քաղաքին մէջ միակ ազատածներն էին:
Ն.- Ուրեմն Դուք միայն երկու ընտանիք գտաք քաղաքին նախկին հայ ազգաբնակութենէն,
որոնք իսլամացած էին. իսկ երբ ռուսները Երզնկան գրաւեցին, դարձեալ քրիստոնեա՞յ
եղած էին եւ իրենք զիրենք քրիստոնեա՞յ կը զգային: Ուրեմն Երզնկայի ազգաբնակչութենէն
մնացածն ա՞յս էր միայն:
Ա.- Այո’, այս երկու ընտանիքն էին եւ ասդին անդին քանի մը առանձնականներ,
ընդ ամէնը քսան հոգի, բայց միայն երկու ընտանիք:
Ն.- Ձեր հօրեկան տան մէջ ուրիշ բան մը գտա՞ք:
Ա.- Գտայ քանի մը իրեր. մնացածը թալանուած եւ այրած էր. գտայ նաեւ պահուած
դրամը:
Ն.- Այդ Ձեր ծնողքէ՞ն գիտէիք:
Ա.- Երկու եղբայրներս, հայրս եւ մայրս եւ ես գիտէինք դրամին տեղը. քոյրերս
չէին գիտեր:
Ն.- Որչա՞փ դրամ գտաք:
Ա.- 4800 թրքական ոսկի:
Ն.- Այդ դրամն առի՞ք:
Ա.- Ի հարկէ:
Ն.- Անկէ ետքն ո՞ւր գացիք:
Ա.- Քիչ մը ժամանակ դեռ հոն մնացի. վասն զի յոյս ունէի թէ դեռ աւելի
թուով տարագրեալներ ազատած կ’ըլլան. եւ հնարաւոր կը համարէի թէ գուցէ
ազգականներէս մէկուն կրնայի հանդիպիլ:
Ն.- Ո՞րչափ մնացիք Երզնկայ:
Ա.- Գրեթէ մէկ ու կէս ամիս:
Ն.- Անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Թիֆլիս:
Ն.- Հոն ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Հոն դպրոց յաճախեցի ռուսերէն սորվելու համար:
Ն.- Ո՞ր դպրոցը:
Ա.- Հայկական դպրոց մը` Ներսիսեան, այդ տեղ գաղթականներու եւ ազատեալներու
համար բաժին մը բացած էին, ուր կարելի էր ուսանել:
-19-
Ն.- Այդ տեղ ռուսերէն սորվեցա՞ք:
Ա.- Հինգ ամսուան մէջ որչափ որ սորվիլ կարելի էր: Շատ բան մը չկրցայ
սորվիլ, վասն զի խելքս գլուխս չէր եւ միշտ ցրուած էի:
Ն.- Յետոյ Ֆրանսերէ՞ն ալ սորված էք:
Ա.- Սորվեցայ, բայց յուսացածիս չափ ոչ:
Ն.- Ո՞րչափ մնացիք Թիֆլիս:
Ա.- Մօտաւորապէս երկու տարի:
Ն.- Ե՞րբ ելաք Թիֆլիսէն:
Ա.- 1919ի սկիզբը, կարելի է փետրուարին:
Ն.- Ո՞ւր գացիք:
Ա.- Կ.Պոլիս:
Ն.- Հոն ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Լրագրի մէջ յայտարարութիւններ դրի եւ կը կարծէի այդ կերպով ազգականներս
գտնել, որոնք գուցէ Միջագետքէն փախած ազատած էին:
Ն.- Այդ ժամանակ արդէն Կ.Պոլիս մեծ յեղաշրջում մը տեղի ունեցած էր.
ո՞րչափ մնացիք Կ.Պոլիս:
Ա.- Գրեթէ երկու ամիս:
Ն.- Անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Սալոնիկ:
Ն.- Իսկ անկէ՞:
Ա.- Սերբիա:
Ն.- Անկէ՞:
Ա.- Դարձեալ Սալոնիկ:
Ն.- Անկէ՞:
Ա.- Անկէ Պարիս:
Ն.- Կենաց որոշ ծրագիր մը չունէի՞ք. ինչո՞ւ համար էր այս թափառական
կեանքը:
Ա.- Ես ուսանիլ կ’ուզէի, բայց միտքս միշտ խառնաշփոթ էր եւ չէի ուզեր
տեղ մը հաստատուիլ, վասն զի որ եւ է որոշ կոչման յակում չունէի:
Ն.- Սալոնիկ եւ Սերբիա դպրոց յաճախեցի՞ք եւ կը սորվէի՞ք:
Ա.- Ոչ. Սալոնիկ ազգականներուս գացի` բժշկուելու համար:
-20-
Ն.- Ի՞նչ հիւանդութիւն ունէիք:
Ա.- Ջղային բռնկումներ:
Ն.- Քանի՞ անգամ կրկնուած են այն բռնկումները, զորս ունեցաք առաջին
անգամ, երբ Ձեր հայրենի տունը վերստին տեսաք:
Ա.- Երզնկայ երկու անգամ ունեցայ, բայց չեմ կրնար ըսել թէ ինչպէս էին
այդ բռնկումները. ամէն անգամ որ ջարդերու պատկերներն աչքիս առջեւ կը
պատկերանային այդ բռնկումները կ’ունենայի:
Ն.- Սերբիա, Կ. Պոլիս եւ Սալոնիկ եղած ատեննիդ այսպիսի բռնկումներ ունեցա՞ք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Պարիս ե՞րբ անցաք:
Ա.- 1920ին:
Ն.- 1920ի սկի՞զբը:
Ա.- Այո’:
Ն.- Կ. Պոլիս, Սալոնիկ եւ Սերբիա շատ յարաբերութիւններ ունէի՞ք:
Ա.- Այո’, ազգականներուս հետ:
Ն.- Ազգականներու եւ տարագրեալներու հետ այս դէպքերուն վրայ խօսած է՞ք
եւ արդեօք ասով անոնց յիշատակը Ձեր մէջը վերակենդանացած է: |